image

Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի պաշտօնները կը զբաղցնեն ներկայիս ժամանակաւոր պաշտօնակատարները:  Փաշինեան այս մասին ըսաւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:

«Արդէն որոշեր եմ: Ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը (ԺՊ) կը նշանակուի ոստիկանապետ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարողն ալ կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն»,-ըսաւ Փաշինեան:

ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնակատարը Էտուարտ Մարտիրոսեանն է՝ Արթուր Վանեցեանի՝ պաշտօնը թողելէն ետք, իսկ ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնները կը կատարէ Արման Սարգսեանը՝ Վալերի Օսիպեանի ազատումէն ետք: