image

Յառաջիկայ Օրերուն Պարզ Կը Դառնայ Քրտական Րոճովայի Ճակատագիրը . Սարգիս Գասարճեան

Յառաջիկայ Օրերուն Պարզ Կը  Դառնայ Քրտական Րոճովայի Ճակատագիրը .  Սարգիս Գասարճեան

«Սուրիոյ  կառավարութիւնը կտրականապէս դէմ է   Րոճովա  անունով  յայտնի քիւրտերու կողմէ Դաշնային պետութեան մը  ստեղծման գաղափարին», «Արեւելք»ին ըսաւ  ռազմական լրագրող Սարգիս  Գասարճեան: Դամասկոս  հաստատուած լրագրողը դիտել տուաւ, որ Րոճովայի ինքնավարութեան մասին յայտարարութիւնը   եղած է Հասաքէի Րըմէյլան    շրջանին մէջ տեղի ունեցած ժողովի  մը աւարտին, որուն մասնակցած են   քրտական 28 խմբաւորումներ եւ    ասորիներու 3   միութիւններ:  Մեր  խօսակիցը ըսաւ, որ   մինչ   Սուրիոյ   հիւսիս-արեւելեան  հատուածին մէջ եղող   շրջաններու  մեծամասնութիւնը  կը գտնուի  քիւրտերու  տիրապետութեան տակ, անդին շրջանի  երկու  մեծ  քաղաքներու՝ Գամիշլիի եւ Հասաքէիի մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը արաբներն են, եւ հոն կան Սուրիոյ ազգային բանակի  ջոկատներ:  Ան նաեւ նշեց, որ  Գամիշլիի օդակայանը եւ Հասաքէյի     պետական  մարզպետարանը    կը գտնուին Սուրիոյ կառավարութեան  հովանաւորութեան տակ: Պատասխանելով մեր հարցումին, որ արդեօ՞ք այդ շրջաններուն մէջ բախումներ կը նախատեսուին,  Գասարճեան    ըսաւ. «Իմ  ունեցած տեղեկութիւններով      մասնաւորապէս Հասաքէ շրջանին  մէջ քիւրտերը պատրաստ չեն բախումներու  երթալու  եւ անոնց պահանջածը ամբողջական   անկախութիւն չէ, այլ իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ յաւելեալ  ինքնավարութեան եւ կառավարման իրաւասութիւն»: Գասարճեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Րոճովայի Դաշնային պետութիւն ստեղծելու  որոշումը յատկանշականօրէն   եղած է    ռուսական  ուժերու մէկ մասին Սուրիայէն  հեռանալուն եւ ամերիկեան պատուիրակութեան մը    Հալէպի   հիւսիսը  գտնուող Աֆրին   քաղաք տուած  այցելութիւնէն ետք:   Ան յայտնեց, որ  այսօրուան դրութեանբ  Սուրիոյ  մէջ եղող քրտական    հիմնական ուժը     PYD -ն է, որ կը համարուի      Թուրքիոյ մէջ   պատերազմող PKK-ի   սուրիական թեւը եւ, որուն առաջնորդն է  Սալէհ Մուսլէմը:   Գասարճեան նաեւ ըսաւ, որ  քիւրտ լրագրողներու եւ    աքթիւիսթներու հետ իր ունեցած շփումներուն ընթացքին    կրցած է   հասկնալ, որ  քիւրտերուն նպատակը սահմանային   անկախութիւն մը ստեղծելը կամ    նոր սահմանադրութեան մը կիրառելը  չէ,  այլ       անոնց  նպատակն է  շրջանները  կառավարել  Ֆէտէրալ- դաշնային  համակարգով մը: Ան ըսաւ,  որ  շատ դժուար է, որ քիւրտերը ամբողջական անկախութիւն    հռչակեն, որովհետեւ իրենց տիրապետած   շրջանները աշխարհագրականօրէն       կը համարուին պաշարուած  եւ     անկախութեան մը ստեղծելու  քայլին երթալը բնականաբար  պիտի   մերժուի ոչ միայն    Սուրիոյ  պետութեան,  այլ Թուրքիոյ եւ Իրաքի  կողմէ,  որոնց հետ  քիւրտերը նոյնպէս հարցեր եւ   տարակարծութիւններ ունին:  Գասարճեան  ըսաւ, որ  Րոճովայի ինքնավար Դաշնային  պետութեան  մը  մասին յայտարարութիւնէն  անմիջապէս ետք  ե՛ւ ռուսները ե՛ւ Միացեալ Նահանգներ   շտապեցին արագօրէն մերժել Սուրիոյ մէջ որեւէ պետութիւն ստեղծելու մասին խօսքերը: Գասարճեան ըսաւ, թէ    քիւրտերուն որոշ ինքնավար    շրջան մը ստեղծելու հեռանկարը միշտ կայ,  բայց  այդ մէկը կրնայ իրականանալ     ապագային,  դիտել տալով, որ     «այդպիսով Միացեալ Նահանգներ   Ռուսիոյ հետ համաձայնաբար       երեւելի  հարուած մը      տուած  կ'ըլլան Թուրքիոյ»:

Սարգիս  Գասարճեան նկատել տուաւ, որ   Սուրիոյ քիւրտերը այսօր կը փորձեն  ամէն գնով  օգտուիլ  իրենց ներկայացած  առիթէն, ինչպէս նոյնը ըրին աւելի վաղ Իրաքի  մէջ  եւ  յառաջիկայ օրերը  շատ կարեւոր են  տեսնելու համար, որ քրտական Դաշնային  պետութիւն   մը հիմնելու    այս ճիգը պիտի արդիւնաւորո՞ւի կամ՝ ոչ: