image

Ո՞վ պիտի դառնար Թուրքիոյ նախագահը, եթէ յուլիսեան յեղաշրջումը յաջողէր

Ո՞վ  պիտի դառնար Թուրքիոյ նախագահը, եթէ   յուլիսեան յեղաշրջումը  յաջողէր

Թրքական «Սապահ» կայքին տուած տեղեկութեան համաձայն`Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութիւնը պարզած է, թէ յեղաշրջման յաջող աւարտէն ետք ով պէտք է ըլլար Թուրքիոյ նախագահը: Դատախազութեան տուեալներուն համաձայն` Թուրքիոյ օդային ուժերու նախկին հրամանատար զօրաւար Աքըն Էօզթիւրք յեղաշրջման կայացման պարագային Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէր:

 Աղբիւրը  կը յայտնէ նաեւ, որ քննարկումները տեղի ունեցած են Պոլսոյ Աքընճը ռազմակայանին  մէջ, ուր որպէս պատանդ կը պահուէին Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Հուլուսի Աքար եւ այլ զինուորականներ: Հոն կայացած  ժողովի ատեն  որոշում  կայացուած է առ այն, որ յեղաշրջման աւարտէն ետք Աքըն Էօզթիւրք նախագահ  պիտի դառնայ:  

Յեղաշրջման փորձին ձախողումէն ետք ձերբակալուած Աքըն Էօզթիւրք իր ցուցմունքներուն մէջ ըսած է, թէ նախատեսուած էր, որ յեղաշրջումէն ետք ինք զինուած ուժերու գլխաւոր     սպայակոյտի  երկրորդ նախագահ  պիտի  ըլլար: