image

Ո՞ւր կը գտնուի Հալէպի ռազմական բաժանմունքի պետ զօր. Մուհամմատ Մուֆլէհը

Ո՞ւր կը գտնուի Հալէպի ռազմական բաժանմունքի պետ զօր. Մուհամմատ Մուֆլէհը

Ռուսական եւ թրքական հետախուզական մարմինները ներկայիս կը փորձեն տեղեկութիւններ ձեռք բերել Հալէպի ռազմական բաժանմունքի պետ զօրավար Մուհամմատ Մուֆլէհի մասին, որուն Թուրքիա տեղափոխուելէն ետք Հալէպ նուաճուեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, մինչեւ օրս ոչ ոք տեղեակ է, թէ ուր կը գտնուի Մուֆլէհ:

Վերջինս պաշտօնավարած է որպէս Հիւսիսային Լիբանանի, այնուհետեւ Համայի, ապա Հալէպի հետախուզական ծառայութիւններու պետ, որմէ ետք Թուրքիա տեղափոխուելով անհետացած է: