image

Ո՞ւր Կ՛ուզենք Հասնիլ. Մարի Մերտխանեան

Ո՞ւր Կ՛ուզենք Հասնիլ. Մարի Մերտխանեան

Անցեալ տարին երկու կարեւոր թեմաներով ընդգծուած է մտքիս մէջ.

-       Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

-       Սուրիահայութեան վիճակը

Կասկած չկայ, որ 100-րդ տարելիցը արժանաւոր կերպով նշուեցաւ:

Արտաքին ճակատի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները անուրանալի են: Ապրիլ 24-ին Երեւան այցելող նախագահներու ու օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներու անունները, անշուշտ, այդ մասին դրական վկայութիւն են: Ամենէն արդիւնաւէտն ու մնայուն օրինակները, թերեւս, Ցեղասպանութեան ճանաչման իրերայաջորդ  բանաձեւերն են: Ոչ ոք կրնայ վիճարկել Հռոմի Պապի յայտարարութիւնը: Նաեւ՝ դժուար պիտի ըլլայ շղթայական ճանաչումներու արժէքը թերագնահատել: Ինչո՞ւ չէ. Բանաձեւի չյանգած Խորհրդարանական քննարկումները եւս կարելի է յաջողութիւն համարել. Չէ՞ որ այնտեղ Ցեղասպանութեան թեման կ՛արծարծուէր: Գաղափար մը կազմելու համար կը բաւէր Թուրքիոյ ջղագար քայլերուն ու արձագանգներուն հետեւիլ:

Ներազգային ճակատի մասին նոյնքան դրական կարելի չէ գրել:

24 տարի (չըսելու համար՝ 100 տարի) սպասեցինք, որպէսզի մեր նահատակները սրբադասենք եւ «համազգային հռչակագիր» մը որդեգրենք:

Ամէն գաղութ նշեց եւ յարգանքի տուրք մատուցանեց մեր նահատակներու յիշատակին: Հաւանաբար տեղ մը կազմուեցաւ ցանկը այս առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, պատրաստուած ժապաւէներուն ու թատրոններուն, զետեղուած յուշարձաններուն, հրատարակուած գիրքերուն եւ այլն:

Հիմա, երբ «բան մը ընել»ու տենդը անցած է, չ՛արժե՞ր այդ ցանկը աչքէ անցընել եւ տեսնել, թէ ո՞ր ձեռնարկները իրապէս նպատակային էին, որոնք՝ ոչ: Քանի՞ ձեռնարկ նպատակը արդարացուց: Եւ.. ի՞նչ էր նպատակը:

Հաւանաբար այդ հաշուեյարդարը կրնայ օգնել վերջապէս անդրադառնալու, որ յուշաքարի մը գումարով կրնայինք Հայաստանի սահմանային շրջանի մը դպրոցը նորոգել: Կամ, հաւանաբար, ելոյթի մը ծախսերով կրնայինք ուրիշ գիւղի  մը մէջ աշխատավայրեր ստեղծել... Շարքը երկար է: Հիմա փորձեցէք բաղդատել եւ դուք պատասխանը գտէք. ո՞ր քայլը աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար: Կը կարծեմ, որ մենք բազմաթիւ շռայլութիւններ կրնայինք խնայել...

Մենք դատ հետապնդող փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք: Մեր երկիրի սահմանի դրացիները «բարի» ըլլալէ հեռու են. Երկուքը նոյնիսկ թշնամի են: Մեր երկիրը բնական պաշարներ չունի եւ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք: Մեծաթիւ սփիւռք ունինք, որու կարողութիւնները հազուադէպօրէն կրնանք ճիշդ «օգտագործել»: Ինչո՞ւ այս արագ մատնանշումները կ՛ընեմ: Պարզապէս յիշեցնելու համար, որ մենք պէտք չէ միշտ Արեւմուտքի մէջ կատարուող «ուշագրաւ» ձեռնարկները ընդօրինակենք: Մենք, դժբախտաբար, չունինք այդ պերճանքը: Մենք պէ՛տք է մեր առաջնահերթութիւնները ճշդենք եւ ըստ այդ շարժինք. Եւ շարժինք՝ ազգովին: Եւ այս կարեւոր սրբագրութիւնը բոլոր մակարդակներով կրնանք ընել՝ ամենէն փոքր գաղութէն մինչեւ հայկական պետական բարձրագոյն օղակը:

Մեր սրբացած նահատակները ի՞նչ պիտի ուզէին տեսնել. Իրենց յիշատակին նուիրուած յուշաքա՞ր, թէ՞ զարգացող եւ ամրացող ազատ Հայրենիք:

«Աւանդական» եւ դիւրին լուծումներէն ձերբազատելու ժամանակը չէ՞...

(1)

Մ.Մերտխանեան

Նիւ Եորք