ԱՄՆ Պետական Պիւտճէի նախարարութիւնն իր ելեկտրոնային կայքին երկու անձի լուսանկար հրապարակած է, մեղադրելով զանոնք «Հըզպալլա»ին աջակցելու մէջ եւ նոր պատժամիջոցներ սահմանելով վերջիններուս նկատմամբ:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Մուհամմէտ Պզի եւ Ապտ Ալլահ Սաֆի Ալ Տին շարք մը ապօրինի ընկերութիւններու անուան տակ գաղտնի կերպով նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրած են «Հըզպալլա»ին: Շեշտուած է մանաւանդ Պզիի անունը, որուն մասին կը հաղորդուի, թէ Եւրոպայի, Արեւմտեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ 5 ընկերութիւններ ունի, որոնց անոնով միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցուած է «Հըզպալլա»ին:
Յայտարարութեան համաձայն, Ապտ Ալլահ Սաֆի Ալ Տին Հասան Նասրալլայի մօրաքրոջ որդին է, եւ Իրանի մէջ «Հըզպալլա»ի ներկայացուցիչը: