Քաղաքական բացայայտումներ կատարելու ասպարէզին մէջ մեծ համբաւ վայելով «Քաշքուլ» կայքը թուիթըրեան իր էջին գրառում կատարած է, թէ Ռիատի «Ռիթզ Քարլթոն» հիւրանոցին մէջ կալանաւորուած միլիառատէր Ուալիտ Պըն Թալալ երակները կտրելով կեանքին վերջ տալու փորձ կատարած է, որմէ ետք անմիջապէս զինք բուժած ու փրկած են:
Կայքին պնդմամբ, կալանքի տակ գտնուող Պըն Թալալ անընդհատ ծեծի ու կեղեքման կ'ենթարկուի, առանց հասկնալու Պըն Սալմանի իր դէմ տածած ատելութեան ու ոխերիմ վերաբերմունքին պատճառը:
Աղբիւրը մանրամասնած է, որ գահաժառանգ Պըն Սալման ամէն օր առաւօտեան ժամը 6:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10 Ռիատի «Ռիթզ Քարլթոն» հիւրանոցը կը գտնուի եւ անձամբ կը հետեւի հարցաքննութիւններուն:
Վերջինս, ըստ «Քաշքուլ»ի, շատ մեղմ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Մութաապ Պին Ապտ Ալլահի եւ Ուալիտ Պըն Թալալի նկատմամբ, որպէսզի անոնց թուայ, թէ շուտով ազատ պիտի արձակուին, սակայն այնտեղէն դուրս գալով քննիչներուն կը հրամայէ ծեծի ենթարկել զանոնք: