Իսրայէլեան բանակի պաշտօնական խօսնակ Աֆիխայ Ատրոհի թուիթըրեան գրառումով մը յայտնած է, որ շատ իսրայէլցիներ արաբական երկիներ կ'այցելեն իրենց իսրայէլեան անցագիրներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Գրառման մէջ Ատրուհի շեշտած է, որ Իսրայէլ կը ձգտի խաղաղութիւն հաստատել բոլոր այն արաբական երկիրներուն հետ, որոնք կը ցանկան խաղաղ ապրիլ, եւ առ այդ, մեծ է թիւը այն իսրայէլցիներուն, որոնք իրենց իսրայէլեան անցագիներով տարբեր արաբական երկիրներ կ'այցելեն:
Թուիթըրեան այլ գրառմամբ մը Ատրուհի թուարկած է այն արաբական երկիրներուն անունները, զորս կարելի է այցելել իսրայէլեան անցագիրով: Այդ երկիրներն են՝ Եգիպտոս, Յորդանան եւ Մարոք: