image

Ո՛չ մէկ DANKE. Շիրազ Ճէրէճեան

Ո՛չ   մէկ  DANKE.   Շիրազ Ճէրէճեան

«Ամէն ատեն` ամէն բանի համար շնորհակա՛լ եղէք Աստուծմէ եւ Հօրմէն, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփեսացիներ 5:20): Այս համար մըն է Նոր Կտակարանի Եփեսացիներու գլուխէն, ուր յստակօրէն կը շեշտուի շնորհակալութեան, գոհունակութեան ու երախտագիտութեան արժէքը: Այսպիսի տողերու շատ կը հանդիպինք սուրբ գիրքերուն, փիլիսոփաներու աշխատութիւններուն եւ հոգեւորականներու մշակումներուն մէջ, սակայն Աստուածաշունչին մէջ (եւ այլուր) ոչ մէկ տեղ կը նշուի, թէ պէտք է ազգովին շնորհակալութիւն յայտնենք, մեր սիրոյ զգացումները եւ յաւիտենական երախտագիտութիւնը արտայայտենք Գերմանիոյ (կամ մէկ այլ երկրի)` Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալուն համար:

Գերմանիոյ Պունտեսթակը, 101 տարուայ ուշացումով նախանցեալ օր պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Մարդկութեան դէմ ոճիր մը, որ գործադրուած էր օրին Գերմանիոյ ամէնէն մտերիմ դաշնակից` Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ: Հաւաքական սպանդ մը, որուն առնուազն մասամբ, ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն մասնակցած էր գերմանական կայսրութիւնը` «Ռայխ»ը, իր սպաներուն եւ զինուորական խորհրդատուներուն միջոցաւ: Պերլին սակայն 2016-ին իր մէջ գտաւ քաղաքական կամքը` ճանչնալու Ցեղասպանութեան փաստը, բացայայտօրէն խօսելու արհաւիրքին մասին եւ ուղղակիօրէն ընդունելու մեղքի իր բաժինը, անշուշտ հիմնուելով իր սեփական շահերուն վրայ եւ նպատակներուն համար: Շատ բարի:

Այս քաղաքական քայլով ստեղծուած իրավիճակին եւ արձանագրուած «նոր յաղթանակին» դիմաց, ի՞նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին կեցուածքը եւ պատասխանը, մասնաւորաբար մերօրեայ համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ եւ մամուլին մէջ: Ըստ սովորութեան` ոչ այլ ինչ, քան անթիւ անհամար շնորհակալութիւններ, Գերմանիան աստուածացնող հաղորդագրութիւններ, մեծարանքի ու երախտագիտութեան խօսքեր, մէկ խօսքով` գերմանական քաղաքական-բանական քայլին դիմաց` հայուն բնատիպ անհամաչափ զգացական հեղեղ, հասնելով մինչեւ անտէր եւ խեղճ ազգի տպաւորութիւնը տալու աստիճանին:

Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ Գերմանիոյ (կամ այլ երկրի մը) կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը բոլորովին անիմաստ է: Նոյնիսկ եթէ բանաձեւը վաւերացնելու շարժառիթները «ազնիւ չեն», նոյնիսկ եթէ Պունտեսթակը Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ ոչ թէ պատմական արդարութեան հաստատման, այլ Թուրքիոյ հետ սեփական հաշիւներու խաղին մէջ ՙկոլ՚ մը նշանակելու համար, նոյնիսկ եթէ այս բոլորը կը կատարուի Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն ու գաղթականներու տագնապի լոյսին տակ, այնուամենայնիւ կարելի չէ բացարձակապէս հերքել այն, թէ որեւէ երկրի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչում` առնուազն նուազագոյն ծառայութիւնը կը մատուցէ Հայ դատին ու մեր պահանջատիրութեան: Տակաւին չենք խօսիր Գերմանիոյ նման երկրի մը մասին, որ ոչ միայն իր եւրոպական ու համաշխարհային ծանրակշիռ ներկայութիւնը ունի այսօր, այլ կը համարուի Ցեղասպանութիւնը գործած կայսրութեան դաշնակիցին իրաւայաջորդը: Այս առումով, Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը գուցէ կարեւորագոյնն է` ցարդ վաւերացուած բոլոր նմանօրինակ բանաձեւերուն մէջ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ այսքան աղմուկ շնորհակալութեան մասին.

 

-Շնորհակալութեան, երախտապարտ ըլլալու կարիք չկայ, պարզապէս որովհետեւ «երախտապարտ» ըլլալ կը նշանակէ ինչ որ ձեւով պարտական ըլլալ մեզի բարիք ընողին: Այս պարագային սակայն մենք պարտական չենք, ոչ ալ այդպէս պէտք է ներկայանանք: Եթէ թղթածրարը «արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու» խնդիր է, ապա Գերմանիան եւ բոլոր երկիրները պարտաւո՛ր են ճանչնալու Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ո՛չ թէ հայ ժողովուրդին սիրոյն, այլ որովհետեւ ՄԱԿ-ի ուխտը ընդունած պետութիւններ են: Իսկ եթէ ճանաչումը քաղաքական խաղաքարտ է, ապա արդէն շահած են, իրենց յաւելեալ շնորհակալութիւններ տալու կարիք իսկ չկայ: Գնահատելն ու ողջունելը բաւարար է:

- Նոյնիսկ ընթերցելով պատասխանատու մարմիններուն յայտարարութիւնները, պիտի գտնենք դիրքորոշումներու որոշակի տարբերութիւն: Մինչ պետական պաշտօն վարող Հայաստանի նախագահը, մեկնելով փրոթոքոլային ձեւակերպութիւններէ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Գերմանիոյ խորհրդարանին ու ժողովուրդին, միւս կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նամակին հայերէն տարբերակը նոյնքան խօսուն էր, սակայն առանց ՙշնորհակալութիւն» եզրին: «Արամ Ա. Կաթողիկոս մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անունով իր գնահատանքը յայտնեց, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնը` անարդարութեան դէմ պայքարի ի խնդիր», ըսուած է նամակին մէջ: Ահա` գնահատանք, ողջոյն եւ զօրակցութիւն` առանց անտեղի, չափազանցուած շնորհակալութեան:

-Հայ ժողովուրդը ունի պատիւ եւ արժանապատուութիւն: Այո՛, անհրաժեշտութեան պարագային շնորհակալութիւն յայտնելը արժանիք է, սակայն աժանագին` նոյնիսկ անվճար շնորհակալութիւններ առաջարկելով կը խեղճացնենք մենք զմեզ: Կը վերադառնանք նոյն հարցին` այստեղ քաղաքական դաշտ է, ոչ թէ բարեսիրական ոլորտ: Շատ շնորհակալութիւն յայտնելը վերստին կ'ապացուցէ հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան զգալի օտարացումը` քաղաքական բանականութենէն: Ճիշդ է, բարութեան եւ ազնուութեան մասին կը պատմէ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը, սակայն այդ նոյն պատմութիւնը կը խօսի նաեւ այն դժբախտութիւններուն մասին, որոնք մեզի հասած են մեր շատ բարի, չափազանց խոնարհ եւ մարդասէր ըլլալուն պատճառով: Հարց չէ, չափաւոր կարծրութիւնը մեր ժողովուրդին սեւ կէտ պիտի չպատճառէ:

-Վերջին երկու օրերուն համատարած է արցունքախառն Danke (գերմաներէնով շնորհակալութիւն) արտայայտութիւնը` կցուած գերմանական դրօշներու: Նոյնը պատահած է նաեւ անցեալին, այլ երկիրներու պարագային: Հետեւաբար եթէ, օրին մէկը, օրինակ Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութեան փաստը, ապա նոյն տրամաբանութեամբ հայ ժողովուրդը գուցէ Tesekkurler-ներ եւ թրքական դրօշներ պէ՞տք է բաժնէ աջ ու ձախ:

 

Ճանաչումը, կարեւոր թուալով հանդերձ, գործնականօրէն ոչինչ է առանց շօշափելի քաղաքական ճնշումի եւ իրաւական հատուցումի: Արդիւնքով, քաղաքական լծակներու բացակայութեան, որեւէ երկրի կողմէ ճանաչումը զգացական հայուն կը պարգեւէ լոկ ժամանակաւոր բարեկամութիւն, որը պիտի մարի այն պահուն, երբ այդ նոյն երկիրները փոխադարձ շահեր կ'ապահովեն Անգարայի հետ` այլ ոլորտներու մէջ: Թրքական զայրոյթն ալ, հետեւաբար, պիտի ըլլայ ձեւական ու ժամանակաւոր: Ուստի, եթէ ինչ որ շնորհակալութիւն յայտնելու խնդիր կայ այսօր, ապա այդ պէտք է ըլլայ հակառակ ուղղութեամբ: Եթէ իրապէս բարոյականութեան եւ ազնուութեան հարց է, եթէ ճանաչումը զուտ պատմական արդարութեան նպատակներով էր, ապա գերմանացիք` իրե՛նք պէտք է շնորհակալութիւն յայտնեն հայ ժողովուրդին, որ Պերլինին տուաւ մղումն ու կորովը` ծանօթանալու սեփական պատմութեան, վերատեսութեան ենթարկելու անցեալի սխալները եւ ներողութիւն խնդրելու անոնց համար: Իսկ եթէ ճանաչումը պարզապէս սեփական շահեր հետապնդող հերթական քաղաքական քայլն է, ապա պարզապէս ողջունենք զայն, քաղենք պտուղի մեր արդար «շահաբաժինը» եւ անցնինք յառաջ: Ո՛չ մէկ Danke:

 

Շիրազ Ճէրէճեան

                                                                                                      «Արարատ» Պէյրութ