image

Ոչ եւս է Հայկ Աւետիսեան («Ֆօթօ Հայկ»). Լեւոն Շառոյեան (Լուսանկար)

Ոչ  եւս է  Հայկ Աւետիսեան («Ֆօթօ Հայկ»). Լեւոն Շառոյեան (Լուսանկար)

Ցաւով իմացանք, որ այսօր առաւօտեան (Կիրակի, 8 Յունուար 2017) իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ հին սերունդի երեւելի դէմքերէն մին եւս, անուանի ու արուեստագէտ լուսանկարիչ Ֆօթօ Հայկ՝ Հայկ Աւետիսեան։

 

Նոր սերունդը գաղափար չունի թերեւս, սակայն միջին ու հին սերունդին համար Ֆօթօ Հայկ եւ իր լուսանկարչատունը (Հրշէջներու պողոտային ու Թիլէլի փողոցին ճիշդ մէջտեղը, անկիւնաւոր շէնքի մը գետնայարկին վրայ տարածուած) Հալէպի խորհրդանիշներէն մէկն էին։ Մեր արխիւներուն մէջ պահպանուած ընտանեկան հարիւրաւոր սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, զորս ատենը մէկ այնքա՜ն կարօտագին կը դիտենք ու դէպի ետ կ՛երթանք, կը կրեն «Ֆօթօ Հայկ»ին կնիքը…։

 

 

 


Սա պահուն, կենսագրական ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն ունիմ նորոգ հանգուցեալ իմ այս երէց բարեկամին մասին, որ ողբացեալ իմ հայրիկին ալ մտերիմ ընկերն էր։ Կ՛անգիտանամ նոյնիսկ, թէ ան ու իր վաղամեռիկ եղբայրը՝ Հրաչը, ե՞րբ էր որ բացեր էին իրենց նշանաւոր լուսանկարչատունը Հալէպի մէջ։ 50-ակա՞ն թուականներուն արդեօք։ Շատ լաւ կը յիշեմ, որ մեր մանկութեան օրերուն այդ լուսանկարչատունը, մեծահասակ հրաշալի լուսանկարներով զարդարուն իր պատերով, հմայիչ վայր մըն էր ինծի համար, ուր ծնողներս կը տանէին զիս մէկ-երկու տարին անգամ մը, որպէսզի Կաղանդի կամ Ս. Ծնունդի առթիւ պաշտօնական լուսանկար մը ունենայինք…։ Երանելի՜ օրեր, երանելի՜ աւանդութիւններով…։

Ֆօթօ Հայկ սասունցի ծնողներու զաւակ էր։ Կ՛ենթադրեմ որ ծնած ըլլալու է 20-ական թուականներու կէսերուն։ Կ՛ենթադրեմ նաեւ, որ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի շրջանաւարտներէն մին էր։ Լուսանկարչական կալուածին մէջ կրցած էր նուաճել (եղբօր՝ Հրաչին հետ) շատ պատուաբեր ու փայլուն դիրք մը, այնքան որ՝ 60-ական թուականներէն սկսեալ Հալէպի երեւելի բազմաթիւ դէմքեր, մանաւա՛նդ համայնքապետներ, ազգային ու պետական դէմքեր, մի՛շտ կը նախընտրէին իրենց պաշտօնական լուսանկարները վստահիլ անոր քամերային…։

Ֆօթօ Հայկ, որքան որ գիտենք, ծառայեց հայկական միա՛կ միութեան մը, որ Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւնն էր։ Տարիներ շարունակ մաս կազմեց անոր վարչութեան, գործակից ունենալով Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Տիգրան Մակարեանի, Լեւոն Ղազէլի նման դէմքեր։

Իր արտաքինով ալ մի՛շտ կոկիկ, տիպար հայորդի մըն էր Հայկ Աւետիսեան։ Իր մահով՝ էջ մը կը փակուի Հալէպի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները իր այրիին՝ տիկ. Արաքսիին, զաւակներուն՝ Աւետիս ու բժ. Արամ Աւետիսեաններուն։

 

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)