Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւող դէտերուն համար բնաւ զարմանալի չէր թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներուն կողմէ այսօր կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ օրուն Թուրքիա համաձայն պիտի ըլլայ սուրիական փոխանցման կառավարութեան մը ստեղծման, պայմանաւ, որ այդ կառավարութեան վեցամսեայ գործունէութեան աւարտին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռանայ իշխանութիւնէն: Թուրքիոյ այս կեցուածքը առաջին նախանշանն է, Էրտողանի իշխանութեան կողմէ Սուրիոյ խնդրին վերաբերեալ որդեգրուելիք նոր կեցուածքի մը: Էրտողան, որուն իշխանութիւնները «ձեռնածալ» մնալով կը հաշուեն ռուսական կործանիչներուն գրոհները շատ յստակ բանաձեւումով մը կարեւոր շրջադարձ կատարելով կը խօսին Սուրիոյ նախագահին վստահուելիք դերի մը մասին: Թուրք պատասխանատուները չեն խօսիր Րիատի «փայտեայ» լեզուով եւ ոչ ալ հանդէս կու գան արեւմտեան աշխարհի հակա- Ասատ սուտ կեցուածքներով: Անոնք լաւ գիտեն, որ Մոսկուայի միջամտութիւնը ինքնագլուխ չէ ու գիտեն նաեւ, որ ռուսական ուժերուն միջամտութիւնը կարեւոր հանգրուանի մը նախասկիզբն է: Բացի ատկէ չմոռնանք նաեւ Էրտողանի Մոսկուա կատարած վերջին այցելութեան «արդիւնքները»: Մոսկուայի համար թրքական կեցուածքին կտրուկ փոփոխութիւնը սպասելի է: Պարզ անոր համար, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան տարածքին գլխաւոր «շարժակ»ը քիւրտերն են: Ու Մոսկուայի համար երբեք դժուար չէ շարժել եւ «խաղին» մասնակից ընել քրտական գործօնը: Ուրեմն այս իրավիճակներուն դիմաց Թուրքիա դադրած է խաղ թելադրող ըլլալու դերով հանդէս գալէ եւ Էրտողանի ու անոր խմբակիցներուն համար պաշտպանական խաղ մը խաղալու ընտրանքը անտեղիտալի է: Եթէ այդպէս չըլլայ քիւրտերը բաւարար ներուժ ունին Թուրքիան «Դժոխք»ի վերածելու: Այս բոլոր հանգամանքները նկատի առնելով է, որ Թուրքիա կակուղ բառերով Պաշշար Ասատի անունը կուտայ: Իսկ մօտիկ ապագային գրանցուող զարգացումները յաւելեալ լոյս պիտի սփռեն թրքական գետնին վրայ, ու մինչեւ 1 Նոյեմբեր Էրտողանի Սուրիոյ վերաբերեալ փոխելիք կեցուածքները կրնան ապահովագրել անոր իշխանութիւն վերարտադրումը: Իսկ եթէ Թուրքիա շարունակէ իր հին խաղաոճը, ապա հեռու չէ այն օրը երբ ISIS-ն ու PKK-ն կարմիրով ներկեն անոր հրապարակները:
«Խմբագիր»