image

Վերջին ժամ.Կրակոց Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին մէջ. Վիրաւորուած են Պաւլիկն ու իր որդին

Վերջին ժամ.Կրակոց Էրէբունիի  ՊՊԾ կեդրոնին  մէջ. Վիրաւորուած են  Պաւլիկն ու իր որդին

Լարուած  իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին  շուրջ: Ըստ  ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեանին,   քիչ առաջ  ՊՊԾ կեդրոնին   մէջ արձանագրուած է փոխհրաձգութիւն, որու արդիւնքով   վիրաւորուած են    Պաւլիկ Մանուկեանը, անոր որդին՝ Արամը, մէկ  զինեալ  եւ մէկ իրաւապահ  ոստիկան: Վիրաւորեալները    փոխադրուած են հիւանդանոց:  Ոստիկանութեան  բանբերը կը յայտնէ նաեւ, որ    «Սասնայ ծռեր»  խումբի երկու անդամներ  Արամ Յակոբեանն ու Գագիկ  Եղիազարեանը  յանձնուած են   իրաւապահ   մարմիններուն: Ըստ «Առաջին լրատուական»ին լարուած  իրավիճակ կը տիրէ   Խորենացի փողոցին վրայ: