Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին շուրջ: Ըստ ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեանին, քիչ առաջ ՊՊԾ կեդրոնին մէջ արձանագրուած է փոխհրաձգութիւն, որու արդիւնքով վիրաւորուած են Պաւլիկ Մանուկեանը, անոր որդին՝ Արամը, մէկ զինեալ եւ մէկ իրաւապահ ոստիկան: Վիրաւորեալները փոխադրուած են հիւանդանոց: Ոստիկանութեան բանբերը կը յայտնէ նաեւ, որ «Սասնայ ծռեր» խումբի երկու անդամներ Արամ Յակոբեանն ու Գագիկ Եղիազարեանը յանձնուած են իրաւապահ մարմիններուն: Ըստ «Առաջին լրատուական»ին լարուած իրավիճակ կը տիրէ Խորենացի փողոցին վրայ: