Այսօր երեկոյեան մեծ հրդեհ մը ծագած է Հալէպի մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Շապաքաթ ախպար Հալապ ալ շահպա» դիմատետրի էջը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ հրդեհը ծագած է Հալէպի Սալահ Էլ Տին շրջանի մեծ պարտէզին կից։
Հրդեհին հետեւանքով տուժածներու մասին ցարդ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր եւ կը նշուի նաեւ, որ քաղաքի հրշէջ ծառայութիւններ դէպքին վայրը փութացած են մարելու համար մեծ կրակը։
Աւելի ուշ պիտի «Արեւելք» պիտի փորձէ նոր տուեալներ հաղորդել պատահարին մասին։