Անծանօթներ կրակոցներ արձակած են Լոս Անճելոսի Սան Տիեկո շրջանին մէջ գտնուող հրէական սինակոկի մը ուղղութեամբ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ օֆ իսրայէլ» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ հաստատեց, որ կրակոցներուն հետեւանքով սպաննուած է մէկ անձ եւ վիրաւորուած են երեք ուրիշներ։
Շրջանի ոստիկանութիւնը դէպքէն քիչ անց հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, նշելով, որ դէպի մեղադրեալ-յանցագործը ձերբակալուած է։
Կը կատարուի հետաքննութիւն։