image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին փուլ. Մեկնարկած է Հարիրիի սպանութեան գործով դատական նիստերու վերջին հանգրուանը

Վերջին փուլ. Մեկնարկած է Հարիրիի սպանութեան գործով դատական նիստերու վերջին  հանգրուանը

Լահէյի մէջ մեկնարկած է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատական նիստերու եզրափակիչ հանգրուանը:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Հարիրիի եւ 21 անձի սպանութենէն 13 տարի անց իր աւարտին մօտեցած դատավարութեան ընթացքին մօտիկէն հետեւելու նպատակով Լահէյ մեկնած է վարչապետ Սաատ Հարիրի:
Դատարանի թուիթըրեան պաշտօնական էջին կատարուած գրառման համաձայն, նախ մեղադրական ճառով հանդէս պիտի գայ մեղադրող կողմը, այնուհետեւ տուժողներու ներկայացուցիչներն ու ի վերջոյ պաշտպանական կողմը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, դատարանն ամենայն հաւանականութեամբ մեղադրանք պիտի առաջադրէ յանցագործութեան մէջ կասկածուող չորս կասկածեալներու նկատմամբ: