«Արեւելք»ը ներողամտութիւն կը հայցէ իր ընթերցողներէն այս նիւթի հրապարակման համար, նշենք, որ լուրը հրապարակուած է «Հետք» հետաքննող լրագրողներու կայքին կողմէ, նախաբանով մը, ուր կ'ըսուի, թէ ««Հետք»ը նման լուսանկարներ երբեք չէ հրապարակած, այս մեր վարքականոնի խախտում է, բայց իրականութիւնը ներկայացնելու այլ միջոց այս պահին չունինք»։
Այսօր «Հետք»ի լուսանկարիչ Յակոբ Պողոսեանը եղած է Արցախի Թալիշ գիւղ։ Յիշեցնենք, որ երէկ Ազրպէյճանի զորամիաւորումները յաջողած էին մտնել այս գիւղը, ուր տակաւին մնացած էին քանի մը խաղաղ բնակիչներ:
Ազրպէյճանցի զինուորները այդ մարդոց նկատմամբ վայրագութիւններ կատարած են։ Անոնք գնդակահարած են Վալերա Խալափեանին եւ անոր կնոջը՝ Ռազմելային ու կտրած են անոնց ականջները։ Անոնք գնդակահարած են նաեւ 1924-ին ծնած Մարուսեա Խալափեանին։

Թալիշ գիւղը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային սահմանամերձ բնակավայր է: Վերջին երկու օրերուն ազրպէյճանական զինուժը լայնածաւալ գործողութիւններ սկսեր է Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ:
Լուսանկարները՝ Յակոբ Պողոսեանի
