ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու տիկին Աննա Յակոբեան ապրիլ 24-ի երեկոյեան իրենց տան մէջ հիւրընկալած են ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գործող «Շամլեան» հայկական ազգային վարժարանի սաները: Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն, հանդիպման ներկայ գտնուած են են նաեւ վարչապետի երկու դուստրերը` Շուշան եւ Արփի Փաշինեանները:
Ապրիլ ամսուան սկիզբը ԱՄՆ այցի ընթացքին դպրոցի շարք մը ուսուցիչներ եւ ծնողեր մօտեցած էին տիկին Յակոբեանին եւ պատմած, որ երեխաներն ամսուան վերջը պիտի այցելեն Հայաստան եւ շատ կը ցանկան հանդիպիլ վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր հետ զրուցեն: Վարչապետն ալ սիրով համաձայնած էր հանդիպիլ երեխաներուն հետ:
Թէյի սեղանի շուրջ աշակերտները վարչապետէն հետաքրքրուած են հայ-չինական յարաբերութիւններու, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու, սփիւռքի դերակատարութեան, արեւմտահայերէնի պահպանութեան, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման եւ կենդանիներու պաշտպանութեան խնդիրներուն մասին:
Հարցերու գերակշռող մասը վերաբերած է 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան ու ծաւալուող յետագայ զարգացումներուն: Վարչապետը շեշտած է, որ յեղափոխութեան ամենամեծ արժէքն այն էր, որ զոհեր չեղան եւ դէպքերը զարգացան խաղաղ ճանապարհով: «Մեր սկզբունքն այն էր, որ յեղափոխութիւնը պէտք է տեղի ունենար խաղաղ ճանապարհով: Մարդկային կեանքը շատ կարեւոր է մեզ համար եւ մենք չէինք կարող որեւէ նպատակի համար կեանք զոհաբերել»:
Թէ ինչ փոփոխութիւններ եղած են Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն յետոյ, վարչապետն ըսած է, որ փոփոխութիւններ ամէն օր կ՛ըլլան:
«Փոփոխութիւնները շարունակական են: Մէկ տարի առաջ Հայաստանում չկար ժողովորդավարութիւն, այսօր` կայ, մէկ տարի առաջ Հայաստանում չկար ազատ մամուլ, այսօր` կայ: Նախկինում ընտրութեան արդիւնքները կեղծւում էին, այսօր` ոչ: Այսօր` յեղափոխութիւնից մէկ տարի անց, մենք պէտք է իրականացնենք տնտեսական յեղափոխութիւն: Մէկ տարի առաջ յեղափոխութիւնը մարդիկ իրականացրեցին` փողոց դուրս գալով եւ պայքարելով անարդարութիւնների դէմ, տնտեսական յեղափոխութիւնն էլ պէտք է մարդիկ կատարեն: Կառավարութիւնը պէտք է քաջալերի եւ հնարաւորութիւններ ստեղծի, որ մարդիկ կարողանան աշխատել եւ ստեղծել արդիւնքներ: Մեր յաջորդ քայլը պէտք է լինի տնտեսութեան զարգացումը, աղքատութեան յաղթահարումը: Աղքատութիւնը կարող ենք յաղթահարել միայն աշխատանքով եւ կրթութեամբ: Մեր խնդիրն է, որպէսզի քաջալերենք մարդկանց աշխատել, որպէսզի հաւատան իրենց ուժերին: Ես եւ Աննան սովորական ընտանիքից դուրս եկած մարդիկ ենք, եւ ամենակարեւորը, որ մենք միշտ հաւատացել ենք մեր ուժերին, միշտ պայքարել ենք: Կառավարութիւնը գործընկեր է, որ պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծի, որ մարդիկ հաւատան իրենց ուժերին: Կառավարութիւնը պէտք է ստեղծի հնարաւորութիւններ կրթութեան, օրինականութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան համար, որպէսզի մարդիկ կրթուեն, զբաղուեն իրենց սիրելի աշխատանքով եւ զարգացնեն երկիրը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Հարցին, թէ որ տարիքէն զգացած է, որ կը ցանկայ վարչապետ ըլլալ, Փաշինեան շեշտած է, որ երբեք նման ցանկութիւն չէ ունեցած եւ որեւէ կարգավիճակի համար մղում չէ ունեցած: Ըստ Փաշինեանի, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան պայքարած է այն արժէքներուն ու սկզբունքներուն համար, որոնց հաւատացած է: «Այդ սկզբունքներն էին ժողովրդավարութիւնը, արդարութիւնը, օրինականութիւնը: Ես այդ արժէքներին եմ հաւատում եւ, ըստ էութեան, ես գիտէի, որ այդ պայքարը ինձ կը տանէր դէպի խոչընդոտներ: Ես միշտ իմացել եմ, որ եթէ քաղաքականութեամբ զբաղուեմ` կը լինեն զրկանքներ ու հետապնդումներ: Միաժամանակ, ես ոչ մի պարագայում իմ սկզբունքներից չեմ նահանջելու: Կը նահանջեն նրանք, ովքեր փորձում են ոտնահարել այդ սկզբունքները»,- ըսած է վարչապետը` պատմելով, թէ ինչպէս նախ լրագրող այնուհետեւ պատգամաւոր եղած տարիներուն հետապնդուած, ձերբակալուած, հանդիպած բազմաթիւ խոչընդոտներու: Փաշինեան կատակով շեշտած է, որ վարչապետ ընտրուելէ յետոյ ալ ինքզինք «կալանաւորուած» կը զգայ, քանի որ կը շրջի զինուած մարդոց ուղեկցութեամբ, իր աշխատասենեակն ու բնակարանը կը հսկեն բազմաթիւ մարդիկ: Հարցին, թէ չի յոգնիր աշխատելէն, վարչապետը նշած է, որ սեփական ժողովուրդին ծառայելը իրեն համար հաճոյք է եւ երբեք այդ աշխատանքի ծանրութիւնը չէ զգացած:
Թէ ինչ լուծում կը տեսնէ Արցախեան հակամարտութեան խնդիրին, վարչապետը շեշտած է, որ լուծումը պէտք է ըլլայ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ առաջին հերթին պէտք է սկսիլ երկխօսութիւն ժողովուրդներու միջեւ: «Այժմ մենք բանակցութիւնների մէջ ենք Ատրպէյճանի նախագահի հետ եւ պէտք է ամէն ինչ անենք, որ մեր տարածաշրջանում պահպանենք երկարատեւ խաղաղութիւնը»:
Թէ ինչպէս կը տեսնէ Հայաստանի ապագան` հարցին, վարչապետը շեշտած է, որ կը տեսնէ ազատ, ուժեղ երկիր: «Տեսնում եմ երկիր, որտեղ ապրում է 6-7 միլիոն մարդ, տեսնում եմ երկիր, որտեղ մարդիկ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներ են եւ ստանում են բարձր աշխատավարձ: Հայաստանը տեսնում եմ ուժեղ երկիր, որ պատրաստ է պաշտպանել ինքն իրեն: Տեսնում եմ երկիր, որ պէտք է դառնայ ապրելու համար լաւագոյն վայրը բոլոր սփիւռքահայերի համար»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Աշակերտներէն մէկն ալ Աննա Յակոբեանին հարցուցած է, թէ ինչ զգացողութիւններ ունեցած է յեղափոխութեան օրերուն եւ արդեօք չէ վախցած, որուն ի պատասխան Աննա Յակոբեան շեշտած է, որ ամուսնանալով Նիկոլ Փաշինեանի հետ, իմացած է, որ ամուսինը ըմբոստ է եւ միշտ պիտի պայքարի անարդարութեան դէմ: Ան շեշտած է, որ միշտ ալ իմացած է, որ պիտի ըլլան դժուարութիւններ, խնդիրներ: «Ամուսնութեան ընթացքին եղած են հետապնդումներ, շատ փորձութիւններ, յատկապէս, երբ ամուսինս ձերբակալուած էր կամ ընդյատակի մէջ»,- ըսած է Աննա Յակոբեան:
Հանդիպման աշակերտներուն հարցեր ուղղած է նաեւ վարչապետը: Թէ ինչը աւելի շատ հաւնած են հարցին աշակերտները պատմած են, որ Հայաստան աւելի լաւ է, աւելի գեղեցիկ ու զարգացած, քան իրենք կը պատկերացնէին: 13-ամեայ Գեղոն Գասպարեան պատմած է, որ շատ տպաւորուած է «Թումօ» կեդրոնով, Շանթ Գուտնոյեանն ալ ըսած է, որ չորս տարի առաջ ալ Հայաստան եկած է, սակայն այժմ շատ փոփոխութիւններ կը տեսնէ: «Ի տարբերութիւն ԱՄՆ-ի, մարդիկ այստեղ բարի են, ժպտերես ու պատրաստակամ օգնելու դիմացինին»,- ըսած է ան:
Ապագայի հետ կապուած ծրագիրներու վարչապետի հարցին ի պատասխան, երեխաները նշած են, որ մտադիր են դպրոցն աւարտելէ յետոյ ընդունուիլ քոլեճ, այնուհետեւ համալսարան, լաւ սորվիլ եւ երբեք չկորսնցնել հայրենիքին հետ կապը: