Վարչապետ Պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունուեցաւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբին կողմէ: Հանդիպման աւարտին երկու պատասխանատուները միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին, ուր անդրադարձ եղաւ կողմերը յուզող հիմնահարցերուն մասին:
Ըստ լիբանանեան լրատուական ծառայութիւններու Հարիրի Թրամբ հանդիպման ընթացքին քննարկութեան նիւթ դարձած է Լիբանան գտնուող սուրիացի փախստականներու հարցը, ամերիկեան կողմէն լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք նեցուկը, ինչպէս նաեւ միջին արեւելքը յուզող հիմնախնդիրները: Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու Միացեալ Նահանգներ մտադիր է նոր պատժամիջոցներ սահմանել «Հըզպալլա»ի դէմ: Իսկ Լիբանանի կառավարութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն է Լիբանանեան դրամատնային համակարգը Ամերիկայի պատժամիջոցներուն թիրախ դառնալու հիմնախնդիրը, որ լուրջ սպառնալիք կրնայ դառնալ տրուած ըլլալով, որ Լիբանան կ'ապրի տնտեսական բաւական լուրջ տագնապ:
Լիբանան, որ յայտնի է իր ելեւմտական ծառայութիւններով եւ արաբական աշխարհի մէջ
ֆինանսական «բաց շուկայ» երկիր մը ըլլալով, կրնայ կանգնիլ բարդութիւններու դիմաց մանաւանդ, երբ նկատի առնենք արաբական ծոցի երկիրներուն եւ «Հըզպալլա»ին միջեւ առկայ սուր տարակարծութիւնները եւ նուրբ ասած ՝ հակակրանքը: