Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին մերձ գտնուող անտառային տարածքին մէջ ծագած մեծ հրդեհը չէզոքացուած է։
ԱԻՆ աշխատակիցներ գլխաւորութեամբ ԱԻՆ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանին բաւական մեծ ճիգեր գործադրելով կարողացած են մարել ժամեր առաջ ծագած հրդեհը։
Յիշեցնենք, որ Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին յարող տարածքին մէջ բռնկած մեծ խոշոր հրդեհին մասին խօսած էր Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան խօսնակ՝ Էտմոն Զարգարեան: Ան մասնաւորապէս ըսած էր. «Խոտը կ'այրի եւ վտանգաւոր իրավիճակ է, քանի որ քամի կայ, եւ կրակը տարածուելու հնարաւորութիւն ունի: Յուշակոթողի եւ ընդհանուր տարածքի անվտանգութենէն ելլելով աւելի շատ ուժեր կը կեդրոնացնենք, որպէսզի արագ կարողանանք մարել հրդեհը, որ չտարածուի»,- ըսած էր Զարգարեան: