Ծանր հիւանդութեան դէմ երկարատեւ պայքար մը տանելէ ետք, իր մահականացուն կնքած է սուրիացի յայտնի երգչուհի, Հալէպ քաղաքի ծնունդ՝ Մայյատա Պըսելիս:
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ սուրիական աղբիւրներէ:
Ըստ «Ալ Ուաթան» սուրիական պարբերաթերթին երգչուհի Մայյատա Պըսելիս, բուռն պայքար մղած ետք քաղցկեղին դէմ։
Երգչուհիին ամուսինը՝ հանրաճանաչ երգահան՝ Սամիր Քուէյֆաթի, քանի մը շաբաթ առաջ յայտարարած էր, թէ Մայյատա Պսելիսը ախտորոշուած է քաղցկեղով:
Մաայատ Պսելիս ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը 1967-ին: Ան սկսած է իր արուեստի ասպարէզը 9 տարեկան հասակէն, Հալէպի ռատիոկայանի սփռումներու միջոցաւ: Երգչուհին թողարկած է 14 ալպոմներ 1986-էն ի վեր: