image

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլայման Սոյլու հրաժարական տուաւ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար  Սուլայման   Սոյլու  հրաժարական  տուաւ

Քիչ  առաջ   արագ տրուած  լուրով   մը    CNN TURK        յայտարարեց    Թուրքիոյ  ներքին Գործոց Նախարար Սուլայման Սոյլուի   հրաժարականին   մասին։

Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ հրաժարականի  լուրը   անակնկալի  բերած է  Թուրքիոյ իշխող վերնախաւը,  եւ մինչեւ այս պահը հրաժարականին մասին  պաշտօնական ոչ մէկ  արձագանգ  կայ։

Նշենք, որ    երեկոյ   Թուրքիոյ իշխանութիւնները      երկրին մէջ     «Պարէտային ժամ»  յայտարարած էին,  որ     պիտի   երկարէր  ժամուան համար։

Յայտարարութիւնէն ետք, երեսունմէկ քաղաքներու եւ մէկ նահանգի  մէջ  խուճապային իրավիճակ  ստեղծուած էր   այն  պատճառով, որ  քաղաքացիներ միայն վերջին  պահուն իմացած էին   երկրին մէջ հաստատուելիք արտակարգ դրութեան մասին։

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին      Թուրքիոյ  մէջ   մեծ   աճ գրանցած էր «Քորոնա»  վարակի  տարածումը, իսկ վարակի    հետեւանքով մահացածներուն թիւը անցած էր    1000-ը։