image

Թուրքիոյ մօտ ռուս դեսպանը սպաննողին նամակները ջնջուած են

Թուրքիոյ մօտ ռուս դեսպանը սպաննողին նամակները ջնջուած են

2016 թուականին Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանի սպանութեան հետ կապուած վերջին քննութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, սպանութիւնն իրագործող Մեւլուտ Ալթընթաշի բոլոր ելեկտրոնային նամակներն ու ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումները անյայտ անձի կողմէ ջնջուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Ըստ նախաքննութեան ժամանակ ձեռք բերուած տուեալներուն, թուրք ընդդիմադիր գործիչ Կիւլէնի ցանցի օգտատէրերը կարողացած են մուտք գործել Ալթընթաշի հեռախօսին մէջ ու անոր միջոցով ջնջել վերջինիս նամակներն ու գրառումները:

Ըստ թրքական «Հուրրիէթ» թերթին, ջնջելու գործընթացը կատարող օգտատէրի «IP»ն կապուած եղած է ԱՄՆ-ի մէջ գործող ցանցի մը, որ մուտքի տուեալներ չի պահպաներ: