image

«Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը անխուսափելի է» Սեւան Նշանեանի հետ հրապարակային հանդիպում Աթէնքի մէջ

«Թուրքիոյ  մէջ քաղաքացիական պատերազմը   անխուսափելի է» Սեւան Նշանեանի հետ  հրապարակային հանդիպում Աթէնքի մէջ

Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի կարծիքով Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիբ: Նշանեան այս կարծիքը յայտնած է Աթէնքի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Ան մասնաւորապէս ըսած է «ան­խու­սա­փե­լի կը նկատեմ քա­ղա­քա­ցիա­կան բուռն պա­տե­րազ­մը՝ երկ­փեղ­կու­մի մատ­նո­ւած հա­սա­րա­կու­թեան այ­սօ­րո­ւան պայ­ման­նե­րուն մէջ» ըսած է Նշանեան, նշելով, որ  «Էրտողանի  Թուրքիան  այսօր նման է  մեծ  բանտի մը»:

Նշենք, որ Նշանեանի մասնակցութեամբ եղած մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցած է անցնող սեպտեմբերին Աթէնքի «Ազատամարտ» ակումբէն ներս եւ կազմակերպութեամբ յունարէնով լոյս տեսնող «Արմենիքա» պարբերականին:

Ասուլիսին ընթացքին Նշանեան խօսած է  հայերէնով եւ թրքերէնով, իսկ անոր խօսքերը հանրութեան յունարէնով ներկայացուցած է տիկին  Արաքսի Աբէլեան- Գոլանեանը:

 Հանդիպման նոյնպէս խօսք առած է Աթէնքի ազգային գործիչներէն՝ Յովսէփ Ղազարեան:

 

Լուրը ՝  «Ազատ օր»էն