Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի կարծիքով Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիբ: Նշանեան այս կարծիքը յայտնած է Աթէնքի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ան մասնաւորապէս ըսած է «անխուսափելի կը նկատեմ քաղաքացիական բուռն պատերազմը՝ երկփեղկումի մատնուած հասարակութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ» ըսած է Նշանեան, նշելով, որ «Էրտողանի Թուրքիան այսօր նման է մեծ բանտի մը»:
Նշենք, որ Նշանեանի մասնակցութեամբ եղած մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցած է անցնող սեպտեմբերին Աթէնքի «Ազատամարտ» ակումբէն ներս եւ կազմակերպութեամբ յունարէնով լոյս տեսնող «Արմենիքա» պարբերականին:
Ասուլիսին ընթացքին Նշանեան խօսած է հայերէնով եւ թրքերէնով, իսկ անոր խօսքերը հանրութեան յունարէնով ներկայացուցած է տիկին Արաքսի Աբէլեան- Գոլանեանը:
Հանդիպման նոյնպէս խօսք առած է Աթէնքի ազգային գործիչներէն՝ Յովսէփ Ղազարեան:
Լուրը ՝ «Ազատ օր»էն