Սուրիան կողոպտելու միտուած քայլերը, որ տեղի ունեցան ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ, առիթ դարձան որ տասնեակ երկիրներ ծանր մեղադրանքներ հնչեցնեն Թուրքիոյ դէմ։
Սակայն հակառակ ծանր քննադատութիւններու ենթարկուելուն Էրտողան կը շարունակէ զարկ տալ ծաւալապաշտական իր քաղաքականութեան եւ այդ առումով ալ մեծ քայլեր առնելով Միջերկրականի ջուրերուն մէջ։
«Միջերկրականեան ջուրերու հարստութիւններուն տիրանալու փորձերը կը նկատուին արդի գաղութատիրութեան երեսներէն մին» յայտարարած է Էրտողան, շեշտելով, որ այդ հարստութիւնները կը պատկանին միայն այն երկիրներուն, որոնք կը նային Միջերկրական ծովուն: Ան չէ անդրադարձած այն իրողութեան, որ այդ երկիրները բացի ծովային հարստութիւններէ ունին նաեւ գիւղատնտեսական եւ մշակութային հարստութիւններ, զորս ինք թալանած է:
Ի դէպ, անցեալ մարտին, լուրեր տարածուած էին այն մասին, որ ձերբակալուած են անձեր, որոնք թալանած էին սուրիական հնութիւններ,
Յիշենք, որ անցեալ տարի, Սուրիական Հիւսիսային Աֆրին քաղաքը թրքական իշխանութեան ձեռքը իյնալէն ետք, BBC բրիտանական լրատուամիջոցը իր պատրաստած զեկոյցին մէջ նշած էր, որ Թուրքիան իւրացուցած է Սուրիոյ ձիթապտուղի ամբողջ բերքը, որ կ'արտադրուի Աֆրինի գիւղերուն մէջ: Ըստ Աֆրինի գիւղատնտեսական խորհուրդի ներկայացուցիչին, Թուրքիան գողցած էր ձիթապտուղի 80 տոկոսը, ապահովելով 80 միլիոն ամն տոլարի երեւելի եկամուտ մը։
Չբաւարարուելով այս բոլորով, Թուրքիա փորձած է սեփականացնել նաեւ Սուրիոյ հացահատիկի պաշարները եւ ի մասնաւորի ցորենը: Սուրիական գիւղատնտեսական ուսումնասիրութիւններու գիտաշխատանոցներ իրենց կարգին յատարարած են, որ երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող իրենց արտադրած բեղմնաւոր սերմերը գողցուած են: Եւ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, նոյն շրջանին Թուրքիան ալ յայտարարած էր, թէ կրցած է ձեռք բերել ցորենի նոր տեսակի սերմացուներ:
Իսկ թրքական ոճին յատուկ ամէնէն վտանգաւոր ոտնձգութիւնը տարածքներու եւ հողերու բռնագրաւումն է: Այսօր Հալէպի արուարձաններու, Իտլիպի, Ռաքքայի եւ Հասիչէի շատ մը շրջաններ կը գտնուին թրքամէտ ահաբեկչական խմբաւորումներու «հսկողութեան» տակ, հակասելով Էրտողանի այն յայտարարութեան, ըստ որուն Թուրքիան Սուրիա մուտք գործած է հաստատելու «արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը»:
Աղբիւրը՝ SnackSyria
Արաբերէնէ Թարգմն. ՝ Թամար Գասպարեան