Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքական որոշումներու խորհուրդի նախագահ Մոհսէն Ռետաաին տեղեկացուցած է, որ Իրանը, Թուրքիան եւ Իրաքը եռակողմ ժողով պիտի գումարեն Քաթարի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի կարգաւորման համար:
Այդ մասին կը յայտնէ թրքական «Kanalahaber» լրատուամիջոցը՝ յղում ընելով Ռետաաիի թուիթրեան գրառմանը, ուր նշած է, որ եռակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ Պաղտատի մէջ:
Սակայն իրանցի պաշտօնեան չէ տեղեկացուցած, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ժողովը: