Թուրքիան կ'օգտուի Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի յարաբերութիւններու վատթարացումէն՝ Միջերկրական ծովի մէջ ազդեցութիւնը զօրացնելու համար: Այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
«Թուրքիան իրեն անբռնազբօս կը զգայ՝ հաշուի առնելով ԱՄՆ-ի ջանքերը՝ երկիրը արեւմտեան դաշինքին մէջ պահելու համար»,- յայտարարած է ան:
Նախագահը նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը որեւէ քայլ չի ձեռնարկեր Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ Թուրքիոյ գործողութիւններուն հակազդելու համար: Ան նշած է, որ Ֆրանսան միակ երկիրն է, որ աշխոյժ դեր ունի տարածաշրջանին մէջ: