image

Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստական ընտանիքի նորածինը սովի պատճառով մահացած է

Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստական ընտանիքի նորածինը սովի պատճառով մահացած է

Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստական ընտանիքի նորածին երեխան սովի պատճառով մահացած է: Թրքական «Odatv.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ Ճումա անունով երեխան  13 օրական էր:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փախելով՝ ընտանիքը հաստատուած էր Թուրքիոյ Եալովա նահանգին մէջ: Այդտեղ, անոնք քանի մը այլ փախստական ընտանիքներու հետ ապաստանած էին կիսաւեր փայտաշէն տնակի մէջ:

13 օր առաջ ծնած փոքրիկը լրացուցիչ արհեստական սնունդի կարիք ունեցած է, սակայն որեւէ աշխատանք կամ այլ նիւթական աղբիւր չունեցող ընտանիքը չէ կրցած երեխային սնունդը ապահովել: Սովէն անդադար լացող երեխան յանկարծ երկար ժամանակ լռած է, անհանգստացած մայրը ստուգած է ու տեսած, որ երեխան մահացած է: