Անգարա սկսած է դատավարութիւնը 200 մեղադրեալներու, որոնց շարքին են անցեալ տարուայ յեղաշրջման փորձի ծրագրաւորման եւ կառավարման մէջ մեղադրեալ՝ բանակի մէջ ծառայող բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց հասցէին ցմահ բանտարկութեան պատիժ կը պահանջուի պետութեան իրաւունքի պաշտպաններու կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «skynewsarabia» կայքը, նշելով, որ ամբաստանեալները, որոնց շարքին նախագահի օգնական, ռազմաօդային ուժերու նախկին հրամանատար եւ տասնեակ բարձրաստիճան սպաներ՝ դէպի դատարան ճամբան անցած ժամանակ, հաւաքուած տասնեակ ցուցարարներ անոնց վրայ կախաղաններ նետած են եւ մահապատիժ պահանջած:
Դատավարութեան ապահովութեան համար մօտ 1500 անվտանգութեան անձնակազմի աշխատակից տեղակայուած է: Վարոյթը սկիզբ առած է Անգարայի ծայրամասը գտնուող Սընճան շրջանին մէջ, մասնաւոր այս գործին յատկացուած դատարանի մէջ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ 221 ամբաստանեալներէն 200-ը բանակային են, որոնց կէսէն աւելին սպաներ: Բոլոր մեղադրեալները ներկայացած են դատարն, բացի 12 անձէ, որոնք տակաւին ազատութեան մէջ կը գտնուին, որոնց շարքին է նաեւ Կիւլէնը, որ կը հեռակայ կարգով կը դատուի:
Նշենք, որ դատական նիստերը, որոնք կը նկատուին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին յեղաշրջման փորձին հետ կապուած դատավարութիւններու ամենամեծերէն մէկը, պիտի շարունակուին մինչեւ 16 յունիս: