Այս առաւօտ Պոլիսը ցնցած ոճրային պայթումին հեղինակը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը: Այս մասին տեղեկացանք Պոլսոյ մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ սոյն վարկածը մինչեւ այս պահը չէ փաստուած, բայց եւ այնպէս բազմաթիւ թուրք լրագրողներ եւ վերլուծաբաններ այդ կարծիքը կը յայտնեն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ ժամանակով ժամը 12:00–ին իշխանութիւնները կտրականապէս արգիլած են դէպքին մասին որեւէ լրատուութիւն կատարելը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մեծ մասը շրջան այցելող զբօսաշրջիկներ են, որոնց մէջ մեծ է թիւը գերմանացի եւ նորվէկիացի զբօսաշրջիկներ(նշենք, որ զոհերուն թիւը հասած է 10-ի իսկ վիրաւորներունը ՝ 15-ի): Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ պայթումը եղած է հզօր եւ անոր արձագանքները լսելի դարձած են նոյնիսկ Պոլսոյ ամէնահեռաւոր շրջաններուն մէջ: Սկիւտարէն մեզի տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրին համաձայն ներկայ պահու դրութեամբ ոստիկանութիւնը «փակ տարածք» յայտարարած է Պոլսոյ կեդրոնական ամբողջ շրջանը: Նշենք, որ «Սուլթան Ահմատ» մզկիթը կը գտնուի «Այասոֆիա» մզկիթին կողքը: