Եւրոպայի Խորհուրդը եւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը (ՄԻԵԱ) թրքերէնը ընդգրկած են իրենց աշխատանքի լեզուներու ցանկին մէջ:Վերոնշեալ հիմնարկները այս քայլին դիմած են՝ Եւրոպական Խորհուրդին մէջ, Թուրքիոյ՝ մեծագոյն թիւով ներկայացուած երկիրներէն մէկը դառնալէն ետք:Այսպէս, Եւրոպայի Խորհուրդէն ներս, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ, գերմաներէնէ, իտալերէնէ եւ սպաներէնէ ետք թրքերէնը դարձած է պաշտօնական վեցերորդ լեզու:Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ թուրք ներկայացուցիչներու թիւը 12էն բարձրացած է 18ի, ինչ որ այդ երկիրը կը դասէ ԵԽԽՎ-ի մէջ մեծագոյն թիւով ներկայացուածներու շարքին՝ Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Իտալիայէն ետք:Արդէն սկսած է գործադրուիլ այս նոր կարգադրութիւնը, քանի որ թուրք երեսփոխան մը թրքերէն ելոյթ ունեցած է 27 Յունուարին` եւրոպական այդ հաստատութեան մէջ: Ինչպէս նշեցինք, ՄԻԵԱ-ն ալ, որ հիմնուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ, թրքերէնը որդեգրած է որպէս պաշտօնական լեզու: ՄԻԵԱ-ի վճիռներու եւ որոշումներու հարթակը (HUDOC) այսուհետեւ, բացի ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ եւ ռուսերէնէ, կը ներկայանայ նաեւ թրքերէնով: