Անօրինաբար Սուրիա ներխուժած թրքական աբանակի երկու զինուորներ կորսուած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Հիւրիյէթ»ը աւելցնելով, թէ որոնման աշխատանքները կը շարունակուին:
Յայտնենք, որ 24 օգոստոսին, միջազգային դաշնութեան համաձայնութեամբ, Սուրիոյ ընդդիմադիր ջոկատներուն օժանդակութիւն ցոյց տալու պատրուակով թրքական բանակի յատուկ ուժեր «Եփրատի վահան» անունը կրող զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկեցին եւ մտան Ճարապլուս քաղաք: Գործողութեան հիմնական նպատակն էր, նեղ կացութեան մատնել իրար շատ մօտ գտնուող եւ քրտական տիրապետութեան տակ եղող աւանները: