image

Թրքական բանակի երկու «կորսուած» զինուորներու հարցը կրնայ տագնապ առաջացնել

Թրքական  բանակի երկու  «կորսուած»  զինուորներու հարցը կրնայ  տագնապ  առաջացնել

Անօրինաբար Սուրիա   ներխուժած  թրքական աբանակի երկու զինուորներ կորսուած  են: Այս մասին    լուրը կը փոխանցէ  թրքական «Հիւրիյէթ»ը աւելցնելով, թէ որոնման աշխատանքները կը շարունակուին:

Յայտնենք, որ 24 օգոստոսին, միջազգային դաշնութեան համաձայնութեամբ,  Սուրիոյ ընդդիմադիր ջոկատներուն  օժանդակութիւն ցոյց տալու պատրուակով թրքական բանակի յատուկ ուժեր «Եփրատի վահան»  անունը  կրող  զինուորական գործողութեան  մը ձեռնարկեցին    եւ   մտան   Ճարապլուս  քաղաք: Գործողութեան   հիմնական նպատակն էր,   նեղ կացութեան  մատնել իրար շատ մօտ գտնուող  եւ  քրտական   տիրապետութեան տակ եղող աւանները: