Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ երէկ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ խօսած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն «ճակատագրին» մասին:
Թրամբ ըսած է, թէ իրենք գոհ չեն Սուրիոյ մէջ առկայ ընդհանուր իրավիճակէն ու ինք անձմամբ կողմ է, որ ամերիկեան ուժեր օր առաջ հեռանան այդ երկրէն: Թրամբ իր մտահոգութիւններուն մասին խօսելով Ֆրանսայի նախագահին ըսած է, որ Ամերիկեան ուժերուն Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը «ծախսատար» է:
Ան մասնաւորապէս ըսած է «անցնող տասընութ տարիներուն ԱՄՆ Միջին Արեւելքի մէջ եօթ միլիառ տոլար ծախսեց եւ այդ մէկը շատ մեծ գումար է: Ես կ'ակնկալեմ, որ «հարուստ» երկիրները այս խնդրով մեզի գումարներ տրամադրեն»: Նշենք նաեւ, որ շաբաթներ առաջ Ամերիկեան մէկէ աւելի աղբիւրներ գրած էին, թէ ԱՄՆ մեծագումար յատկացում մը պիտի կատարէր Սուրիոյ քիւրտերուն եւ այդ օրակարգը պիտի քննարկուի երկրի Գոնկրէսին կողմէ: Ի դէպ երէկ Մաքրոնի եւ Թրամբի միջեւ եղած բանակցութիւններուն մեծ տեղ յատկացուած է Իրանի հետ «կորիզային համաձայնութեան» օրակարգին: