image

Թարգմանչաց Տօնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ (Լուսանկարներ)

Թարգմանչաց  Տօնը Հայ  Կաթողիկէ Մեսրոպեան  Վարժարանին Մէջ (Լուսանկարներ)

 

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ հանդիսութիւններով եւ դասարանային զանազան աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին ամբողջ աշակերտութիւնը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:

Մանկապարտէզին մէջ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, գլխաւորաբար այբուբենի թեմաներով, Թարգմանչաց տօնը եզրափակելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան այցելութեամբ:

 21 Հոկտեմբերին Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ կայացած նախակրթարանի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը  յատկանշուեցաւ աշակերտական ամենալայն մասնակցութեամբ: Շուրջ 100 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ աղօթքի, ասմունքի, երգի ու բեմական ներկայացումներու բծախնդրօրէն մշակուած շարքով մը մեծարեցին Ոսկեդարու Թարգմանիչները: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քեշիշեանի:

Միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններուն մէջ, հանդիսութիւններու կազմակերպման համար շեշտը դրուած էր աշակերտներու անհատական եւ խմբային ինքնուրոյն աշխատանքին վրայ: Այդ առումով, Թարգմանչաց տօնը առիթ ծառայեց, որ աշակերտներ կատարեն պրպտումներ՝ տարբեր թեմաներով եւ անոնց արդիւնքները ներկայացնեն իրենց հասակակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, առանձնաբար տեղի ունեցած երկու հանդիպումներու ընթացքին, 22 Հկտեմբերին: Աշակերտներ օգտագործեցին արհեստագիտական տարբեր միջոցներ՝ ներկայացնելու համար լսատեսողական նիւթեր Գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ Թարգմանիչներու վաստակին մասին:

Բոլոր ձեռնարկներուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան եւ շեշտեց աշակերտներու՝ այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդները ըլլալու պարտականութիւնը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուի բոլորի կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ եւ ոչ միայն առիթէ առիթ: