Ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտնած է, ալճերիացի ճիհատական Մըխթար Պելմըխթարի սպաննութեան հաւանականութեան մասին, վերջերս, Լիպիոյ մէջ ֆրանսական օդուժի իրականացուցած յարձակումներուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ» պարբերականը, նշելով, որ Պելմըխթար մաս կազմած է Մարօքի Ալ Քաիտա խմբաւորման եւ ծովափնեայ տարածաշրջաններուն յարձակումներ մղող «Ալ Մուրապիթուն» խումբի ղեկավարն էր:
Պելմըխթաի սպաննութեան մասին տեղեկութիւններ հրապարակուծ էին նաեւ 2015-ի յունիսին, Լիպիոյ վրայ ամերիկեան յարձակման օրերուն: