image

Ճարապլուսի մէջ Սուրիոյ ընդդիմադիրները թրքական ոստիկանութեան գլխարկներ կը կրեն

Ճարապլուսի մէջ Սուրիոյ ընդդիմադիրները թրքական ոստիկանութեան գլխարկներ կը կրեն

«Սուրիական ազատ բանակ» ընդդիմադիր խմբաւորման զինեալները թրքական բանակային ստորաբաժանումներու օգնութեամբ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներէն գրաւած Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքին մէջ սեփական ոստիկանական ստորաբաժանումներ հիմնած են, կը հաղորդէ թրքական «Sondakika.com» լրատուական կայքը:

Քաղաքի ներքին կարգուկանոնը հսկելու նպատակով ստեղծուած ջոկատներուն անդամները կը կրեն նոյնանման համազգեստ, որուն մաս կը կազմեն թրքական ոստիկանութեան ծառայողներու գլխարկները:

Ընդդիմադիրներուն կողմէ իբրեւ կեդրոն օգտագործուող նախկին դպրոցի շէնքին ու այլ վարչական շէնքերու վրայ փակցուած են թրքական դրօշներն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի նկարները:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ բանակի ստորաբաժանումները եւ «Սուրիական ազատ բանակ» կոչուող ընդդիմադիր խմբաւորման զինեալները Օգոստոս 24-ի առաւօտեան ժամը 5-ի մօտ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած էին ԻՊ-ի  զինեալներուն կողմէ վերահսկուող սուրիական Ժարապլոս քաղաքին վրայ: Այդ գործողութիւնը ստացած էր «Եփրատի վահան» անունը: Թէեւ Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Ժերապլոսը մաքրուած է ԻՊ-ի զինեալներէն, այնումամենայնիւ թուրքական ուժերը դեռ չեն լքեր Սուրիոյ տարածքը: