Սուրիոյ սահմանային Ճարապլուս աւանին մէջ ապրող երկու հայեր 79-ամեայ Արթին Ատուրեան եւ իր եղբօր աղջիկը 64-ամեայ Սիրան Չիլինկիրեան, Տահէշի սարսափէն հալածական, իրենց ծննդավայրէն չբաժնուելու մտքով իսլամը ընդունած են: Անոնք կրած են Եագուպ եւ Ֆաթմա անունները եւ շարունակած են իրենց «բնականոն» կեանքը Ճարապլուսի մէջ: Արթին Ատուրեան կը գործէր որպէս դերձակ, իսկ Սիրան Չիլինկիրեան բժիշկ էր: Անոնք ամիսներ շարուակ բանտարկուած մնացած են իրենց բնակարանին մէջ:
Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը: Կը փոխանցուի նաեւ, որ վերջերս թրքական ուժերու այդ շրջան ներխուժումէն ետք Արթին եւ Սիրան վերադարձած են իրենց ինքնութեան եւ ցարդ կը շարունակեն ապրիլ Ճարապլուսի մէջ:
«Անատոլու» լրատուական գործակալութեան կողմէ հրապարակուած այս լուրին մէջ բացայայտ է թրքական ուժերուն այդ շրջանը ներխուժելու պատկերը ամէն գնով դրական շեշտադրումներով ներկայացնելու ճիգը:
Ճիշդ է, որ Արթին եւ Սիրան վերադարձած են, իրենց ինքնութեան, բայց եւ այնպէս դէպքը չի կրնար ծածկել Թուրքիոյ տեսանելի եւ անտեսանելի ունեցած դերը Տահէշ ահաբեկչական շարժումի ստեղծման եւ անոր կատարած հակամարդակային արարքներու հիմնական ճարտարապետը ըլլլալուն մէջ:
Հապա, ինչպէս բացատրել Տահէշի Ճարապլուսէն արագօրէն հեռանալու ճշմարտութիւնը, երբ թրքական ուժեր անտեսելով միջազգային բոլոր օրէնքները ներխուժեցին սուրիական հողեր, անշուշտ միշտ բարձրաձայնելով Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքար տանելու սուտ պատրուակը: