Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, Պէյրութի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններու մերձեցումը. Օրինակ մը` պոլսահայոց պատմութենէն» նիւթով զրոյցը, զեկուցաբերն էր ներկայիս Պոլսոյ մէջ Օսմանագիտութեան նիւթով ուսանող Տանիէլ Օհանեան: Օհանեան նշեց, որ լեզուի խնդիրը շատ կարեւոր դեր խաղացած է պատմագրութիւններուն աղբիւրներուն անջատ մնացած ըլլալուն մէջ: Օհանեան խօսեցաւ 1920-ական թուականներուն օսմանագիտական արդի պատմագրութեան սկսելուն շարժման մասին, երբ իթթիհատական Մեհմեթ Ֆուատ Քէօփրիւլիւ շարժումի մը սկսած է` պատմագրութեան մէջէն դուրս ձգելով օսմանեան ոչ մահմետական ազգերը:Խօսելով օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններու մերձեցման մասին` ան նշեց քանի մը ազդեցիկ կէտեր. անոնցմէ են արեւմուտքի համալսարաններ յաճախած թուրքիացի ուսանողներ, որոնք կրցած են անցնիլ լեզուին խոչընդոտները եւ ծանօթացած թրքերէնով գրուած աղբիւրներէ զատ աղբիւրներու եւ աշխատութիւններու: Միշիկընի համալսարանի մէջ հիմնուած WATS (Workshop on Armenian Turkish Scholarship) աշխատանոցը այլ ազդեցութիւն մըն է օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններուն մերձեցման, որ 2000-էն սկսեալ հարթակ մը հանդիսացած է հայերուն եւ թուրքերուն քով-քովի գալուն, միասին աշխատելուն եւ անցեալի բացերը գոցելուն:Շարունակելով խօսիլ ազդեցիկ գործօններուն մասին` Օհանեան նշեց Տանըլտ Քուաթիըրթ համբաւաւոր օսմանագէտին անունը, որ անցեալին եղած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հերքողներէն կամ ընդհանրապէս անոր մասին չխօսողներէն: Քուաթիըրթ 2006-ին հրատարակած է յօդուած մը, ուր նշում կատարած է օսմանագէտներուն կողմէ Մեծ եղեռնը չնշելու ու անկէ խուսափելու երեւոյթին մասին: Ասիկա առիթ ընծայած է նոր հարցադրումներու: Այլ գործօններ եղած են թուրք-յունական եւ թուրք¬քրտական յարաբերութիւններուն փոփոխութիւնները եւ վերջապէս 2007 թուականին Հրանդ Տինքին սպանութիւնը:Ապա Օհանեան խօսեցաւ այն տարածքներուն մասին, որոնք կը գործնականացնեն օսմանագիտական եւ հայագիտական մերձեցումները, այդ տարածքներէն են` «Յուշամատեան» կայքը իր անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն յօդուածներով, «Արաս», «Պելկէ» եւ «Իլեթեմիշ» հրատարակչատուները: Օհանեան ներկայիս կ՛աշխատի «Վերականգնել օսմանեան վաղ ժամանակաշրջանի հայերը եւ ժամանակուան ժողովրդագրական տուեալները մատչելի դարձնել բոլորին» աշխատանքին վրայ, որ ստացած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան դրամաշնորհը: Օհանեան, Էրտեմ Քապատայը եւ խումբ մը այլ ուսումնասիրողներ կը հաւաքեն Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի հայերուն ժողովրդագրական տուեալները եւ զանոնք կը վերածեն թուային ցուցակներու եւ քարտէսագրութեան, որոնք թէ՛ կը ծառայեն իբրեւ աղբիւր եւ թէ՛ կ՛օգնեն Պոլսոյ հայերուն իրենց ընտանեկան ծառերը գտնելուն:Նիւթին աղբիւրը ՝ «Ազդակ»: