image

Տահէշի առաջնորդը սպաննուա՞ծ

Տահէշի առաջնորդը սպաննուա՞ծ

Բրիտանական «Daily Mirror» պարբերականը շաբաթ օր յայտարարծ էր «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատին սպաննութեան մասին: Երէկ նոյն լուրը հաղորդած է Սուրիոյ պետական հեռուստակայանը, նշելով, որ Պաղտատին սպաննուած է Սուրիոյ մէջ Միջազգային դաշինքի կողմէ խմբաւորման կեդրոնակայանի ուղղութեամբ իրականացուած հրետանային հարուածի հետեւանքով:

 

Այս տեղեկութիւնը սակայն դեռ չէ հաստատուած խմբաւորման ներկայացուցիչներու կողմէն, սակայն յստակ է, որ շաբաթ տեղի ունեցած օդային յարձակման արդիւնքով 7 ահաբեկիչ սպաննուած է: 

Նշենք, որ նախապէս Ալ-Պաղտատիի մահուան մասին լուրեր նոյնպէս հաղորդուած են, սակայն աւելի ուշ հերքուած են: