Տահէշ գրաւած է Ֆիլիփինի հարաւային Մարաուի քաղաքը եւ իր առաջին էմիրութիւնը հռչակած է այնտեղ: Այս մասին կը տեղեկացնէ AletihadPress կայքը, նշելով, որ քաղաքի գրաւումը տեղի ունեցած էր Մարաուիի մէջ գտնուող իր բջիջներուն անակնկալ յարձակումէն եւ ֆիլիփինեան բանակին հետ բուռն բախումներէ ետք:
Առաջին հերթին զինեալ ահաբեկիչները ուղղուած են քաղաքի զինուորական կեդրոնները եւ գրաւած, որմէ ետք ներխուժած են քաղաքի բանտը եւ բանտարկեալները ազատ արձակելէ ետք հրկիզած են զայն:
Փորձագէտներ մեկնաբանած են, որ «Տահէշ» Ծայրագոյն Արեւելքի կամ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ նոր պետութիւն ստեղծելու ծրագիրներ կը հետապնդէ, Իրաքի եւ մասամբ Սուրիոյ մէջ անոր կրած ծանր պարտութենէն ետք:


