Ամերիկեան Հհետախուզական ազգային ծառայութեան պետ Տան Քոթս կարծիք յայտնած է, թէ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը, եօթ տարի զինեալ պայքարէ ետք կորսնցուց իր կարողութիւնը եւ այլեւս ի զօրու չէ տապալել նախագահ Ասատը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ այս մասն ըսուած է Քոթսի պատրաստած զեկոյցին մէջ, որ Սենատի կողմէ ներկայացուած է Ամերիկեան Զինեալ ուժերու ծառայութիւններուն, ուր մասնաւորապէս նշուած է որ «Հակամարտութիւնը հաւասարակշռութիւնը տապալեց՝ ի շահ Սուրիական կառավարութեան»:
Քոթս նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ նախագահը այնուամենայնիւ, մեծ հաւանականութեամբ բանակցութիւններու սեղանին պիտի չնստի, եթէ այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ երկրին մէջ իր իշխանութեան թուլացման, աւելցնելով, որ « Ասատը կրնայ ըլլալ մասնակցութիւն բերէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, սակայն ակնկալելի չէ, որ ան հրաժարի իշխանութենէն կամ զիջումներու երթայ ընդդիմութեան համար»: