image

«Սուրիոյ ընդդիմութիւնը մեռաւ». Այսպէս յայտատարած են ամերիկացի հետախոյզները

«Սուրիոյ ընդդիմութիւնը մեռաւ». Այսպէս յայտատարած են ամերիկացի հետախոյզները

Ամերիկեան Հհետախուզական ազգային ծառայութեան պետ Տան Քոթս կարծիք յայտնած է, թէ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը, եօթ տարի զինեալ պայքարէ ետք կորսնցուց իր կարողութիւնը եւ այլեւս ի զօրու չէ տապալել նախագահ Ասատը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ այս մասն ըսուած է Քոթսի պատրաստած զեկոյցին մէջ, որ Սենատի կողմէ ներկայացուած է Ամերիկեան Զինեալ ուժերու ծառայութիւններուն, ուր մասնաւորապէս նշուած է որ «Հակամարտութիւնը հաւասարակշռութիւնը տապալեց՝ ի շահ Սուրիական կառավարութեան»:

Քոթս նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ նախագահը այնուամենայնիւ, մեծ հաւանականութեամբ բանակցութիւններու սեղանին պիտի չնստի, եթէ այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ երկրին մէջ իր իշխանութեան թուլացման, աւելցնելով, որ « Ասատը կրնայ ըլլալ մասնակցութիւն բերէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, սակայն ակնկալելի չէ, որ ան հրաժարի իշխանութենէն կամ զիջումներու երթայ ընդդիմութեան համար»: