image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ բազմահազարանոց ցոյցեր ընթացան Թրամբի որոշման դէմ

Սուրիոյ մէջ բազմահազարանոց ցոյցեր ընթացան Թրամբի որոշման դէմ

Սուրիոյ մէջ գրեթէ բոլոր խոշոր քաղաքներու բնակիչները փողոց դուրս եկած են՝ իրենց բողոքը արտայայտելու ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կայացուցած որոշման դէմ` Կոլանի բարձունքները Իսրայէլեան հող ճանչնալու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ պետական SANA գործակալութիւնը:

 Կը հաղորդուի, որ հազարաւոր մարդիկ դուրս եկած են Դամասկոսի, Հոմսի, Տէր Զօրի, Գամիշլիի ու այլ քաղաքներու կեդրոնական հրապարակներ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը փաստաթուղթ ստորագրած է, որով կը ճանչնայ Իսրայէլի իրաւունքները Կոլանի բարձունքներու նկատմամբ։