Թուրք պատասխանատու անձնաւորութիւն մը յայտնած է, թէ այս առաւօտ չորս ռումբեր ինկած են թրքական Քիլիս քաղաքին վրայ: Ըստ բանբերին, ռումբերը եկած են սուրիական կողմէն: Այս ուղղութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւուտօղլուն յայտարարած է, թէ «նման գործողութիւններ կատարողները, շատ սուղ պիտի վճարեն իրենց կատարածներուն հետեւանքը»: Վարչապետը յայտնած է նաեւ թէ Պաշտպանութեան Նախարարն ու Գաղտնի Սպասարկութեան ՏնօրէնըՔիլիս գացած են, որպէսզի մօտէն հետեւին իրադարձութիւններուն: Յայտնենք նաեւ, որ անցնող երկու օրերուն ալ բազմաթիւ ռումբեր ինկած են, որոնց հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր եղած են եւ մէկ հոգի նահատակուած է: Ըստ թրքական կողմին, ռումբերը արձակողները Իսլամական Պետութիւնն է: