image

Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ Քիւրտ զինեալներ համաձայնութեան հասած են. Մանրամասնութիւններ

Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ Քիւրտ զինեալներ  համաձայնութեան հասած են. Մանրամասնութիւններ

Հալէպի նահանգապետարանի պաշտօնեաներէն Համիտ Քաննօ բացայայտած է քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած համաձայնութեան մանրամասները, որ առիթ պիտի ընձեռնէ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներուն Հալէպի մէջ քիւրտերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններ մուտք գործել:

«Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին Քաննօ յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը քիւրտերու հետ համաձայնութեան եկած է վերջիններուս տիրապետութեան տակ գտնուող թաղամասեր մուտք գործելու շուրջ, միաժամանակ շեշտելով, որ քիւրտերը Սուրիոյ անբաժան մասն են, եւ ահաբեկիչներու դէմ պայքարի ու յաղթանակի մասնակիցներ:

Քաննօ թուարկած է այն քրտական թաղամասերու անունները, որոնք յանձնուած են Սուրիոյ բանակին: Անոնք են. Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ, Պանի Զէյտ, Հոլլուք, Այն Ալ Թալլ, Պոսթան Փաշա, Շէյխ Խըտըր, Շէյխ Ֆարէս եւ շարք մը այլ շրջաններ: