image

Սուրիոյ հարցով Ռուս- ամերիկեան համաձայնութեան ծրագիրը ձախողեցաւ

Սուրիոյ հարցով   Ռուս- ամերիկեան   համաձայնութեան ծրագիրը   ձախողեցաւ

 Մինչ մինչեւ երէկ երեկոյ  լրատուական    աղբիւրներ  տեղեկութիւններ կը տարածէին     Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ  սպասուած  համաձայնութեան մը վերաբերեալ, այս առաւօտ  ամերիկացի  բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտնած է, թէ   Սուրիոյ խնդրով  ԱՄՆ- Ռուսիա համաձայնութիւնը ձախողած է:  Նշենք,  որ        ըստ   համաձայնութեան     պիտի յայտարարուէր համընդհանուր  հրադադար եւ     ռուսական օդուժը  պիտի դադրեցնէր   թիրախաւորել   Հալէպի մէջ եղող ընդդիմադիր զինեալներուն   դիրքերը:  Համաձայնութեան  վերաբերեալ կան նաեւ այլ կարեւոր կէտեր, որոնց մասին   կը պահուի               խորհրդապահութիւն:     Յայտնենք, որ Սուրիոյ ազգային բանակը   երէկ կարեւոր յառաջխաղացք  կատարած էր Հալէպի հարաւային հատուածին   մէջ եւ իր   տիրապետութըեան տակ առած       զինուորական  երեք          հիմնարակները,  ինչպէս նաեւ   Ըմ  Ալ Քարհ  շրջանը:   «Արեւելք» աւելի վաղ այս մասին տեղեկութիւն հաղորդելով գրած էր, որ այս  քայլով բանակը իր    պաշարման    տակ կ'առնէ Հալէպի   մէջ եղող  ընդդիմադիր զինեալներու   շրջանները   կտրելով անոնց պարէնի հիմնական  ճանապարհը: