image

Սուրիոյ եւ Հալէպի հանդէպ հետաքրքրութեան պակասը հասկնալի պատճառներ ունի. SARF-ի ատենապետ Ռաֆֆի Քէնտիրճեան

Սուրիոյ եւ Հալէպի հանդէպ հետաքրքրութեան պակասը հասկնալի պատճառներ ունի. SARF-ի ատենապետ Ռաֆֆի Քէնտիրճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  2005-ին ԱՄՆ փոխադրուած նախկին լիբանանահայ տնտեսագէտ, համայնքի գործունեայ անդամ Ռաֆֆի Քէնտիրճեանը։ Մեր խօսակիցը ներկայիս կը վարէ «Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամ»ի (Syrian Armenian Relief Fund – SARF) ատենապետի  պաշտօնը։

 

-Ինչպէս գիտենք՝ ՍԱՐՖ-ը հիմնուեցաւ Սուրիան հարուածող պատերազմի ամենաթէժ փուլին: Այսօր  ի՞նչ փոխուած է ՍԱՐՖ-ի նպատակներէն:


ՍԱՐՖ-ը հիմնուած է 2012 թուականին, Սուրիոյ պատերազմի ամենադաժան օրերուն, հիմնական նպատակ ունենալով օժանդակել սուրիահայութեան։ Այդ շրջանին ամէնէն կարեւոր եւ անհրաժեշտ պէտքերն էին՝ սննդամթերքը, դեղորայքը, վիրաւորներու բուժման ծախսերը, նաեւ զոհեր ունեցողներու պարագային, այդ զոհերու ընտանիքներուն օժանդակութիւնը, յուղարկաւորութեան ծախսերը հոգալը եւ զանազան անհրաժեշտ ծախսեր: Ինչպէս նաեւ պատերազմի ընթացքին վնասուած տուներու շտապ նորոգութիւնները, որպէսզի այդ տուները բանակելի դառնան եւ ընտանիքները ստիպուած  չըլլան   այլ  տեղեր  տեղափոխուիլ:

Այս  աշխատանքները ՍԱՐՖ-ը կը համադրէր Հալէպի մէջ գործող «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմին»ին հետ:

Իսկ թէ ինչ փոխուած է այս վերջին 6-7 տարիներու ընթացքին մեր գործունէութեան եւ օգնութեան   թիրախներուն  կամ առաջնահերթութիւններուն  առընթեր,  նախ  պէտք է  նշեմ, որ այդ փոփոխութեան անկիւնադարձը եղաւ Հալէպի  մէջ պատերազմական գործողութիւններու   դադարը, որ  տեղի ունեցապ  2016 թուականի դեկտեմբերին։ Անկէ  ետք Սուրիոյ մէջ գործող Շտապ մարմինը իր աշխատանքային ոճը եւ ուղղութիւնը փոխեց եւ  ՍԱՐՖ-ը իր  ուշադրութիւնը  կեդրոնացուց  գործատեղիներու վերանորոգման աշխատանքներուն վրայ։ Նպատակը   յստակ էր՝ որպէսզի ժողովուրդը աշխատանքի լծուի, իր օրապահիկը վաստակելու հնարաւորութիւն ունենայ եւ ձեւով մը ինքն իր ծախսերը հոգայ: Այդ ձեւով միայն կարելի պիտի ըլլար մարդոց հնարաւորութիւն տալ,  որ  փորձեն իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ։

Միեւնոյն ժամանակ, ըսեմ, որ ՍԱՐՖ-ը Սուրիայէն դուրս ալ  գործունէութիւն ունեցած է: 2015-2017 տարիներուն, երբ գաղթականներու մեծ հոսք եղաւ Սուրիայէն, յատկապէս Հալէպէն դէպի Երեւան, այդտեղ եւս օժանդակելու կարիք կար եւ մենք այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին շուրջ 400 ընտանիքի տան վարձքի ծախսերը հոգացինք:

Ըսեմ, որ 2012-էն մինչեւ այսօր ՍԱՐՖ-ը մօտաւոր 2,5 միլիոն տոլարի յատկացում ըրած է սուրիահայերուն, որուն առիւծի բաժինը հասած է Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի մէջ մնացած հայերուն, օգնութիւններ հասած են նաեւ Քեսապին, մանաւանդ իրենց ճգնաժամի ժամանակ եւ նաեւ Ճեզիրէի շրջանին, Գամիշլիին եւայն:

 

-Այսօր կը նկատենք, որ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու՝ Հալէպի, Դամասկոսի,  Լաթաքիոյ, ինչպէս նաեւ Քեսապի մէջ ապրող հայութեան հարցերու հանդէպ հետաքրքրութիւնը նուազած է: Ի՞նչ են պատճառերը ձեր կարծիքով եւ արդեօք այդ մէկը դուք ժխտական կը համարէ՞ք:


Այդ մէկը իմ կարծիքով բնական մարդկային վերաբերմունք է: Այսօր արդէն երկու տարի է, որ պատերազմը դադրած է եւ ժողովուրդը այլեւս լուրերէն Սուրիոյ մասին չի լսեր այդքան, ինչքան որ կը լսէր անցեալին: Նաեւ մարդիկ աւելի շատ հետաքրքուած են շտապ կարիքներու օգնութեամբ, քան թէ վերաշինութեամբ կամ վերանորոգութեամբ: Մարդիկ կը կարծեն, որ պատերազմի դադրումով նաեւ պէտքերը նուազած են: Անոնք կը մոռնան, որ պատերազմը դադրելէն անմիջապէս ետք չէ, որ բնականոն վիճակ կը գտնէ գաղութի կեանքը եւ ատոր համար է, որ մենք՝ ՍԱՐՖ-ը, մեր աշխատանքները կը շարունակենք։

Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ բոլորը համոզուած չեն, թէ այդ գաղութը ինչքանով կրնայ գոյատեւել եւ ուրեմն կը տարակուսին, թէ արդեօ՞ք պէտք է իր ներդրումը բերէ գաղութի մը, որ կրնայ երկար կեանք չունենալ:

 

-Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, արդեօ՞ք այդ գաղութները ապագայ ունի՞ն: Եթէ այո, ի՞նչ պէտք է ընէ սփիւռքահայութիւնը, օժանդակելու համար, որպէսզի այդ գաղութները կանգուն մնան:


Ապրած ըլլալով Լիբանանի պատերազմի տարիներուն եւ տեսած ըլլալով լիբանանահայութեան գաղթը, որ տեղի ունեցաւ եւ գաղութի ներկայ իրավիճակը, գիտեՄ, որ Սուրիոյ մէջ ալ այնպէս չէ, որ ամբողջ գաղութը արմատախիլ պիտի ըլլայ, այլ պիտի մնայ գաղութ մը, որ պիտի կառչի իր արժէքներուն, եկեղեցիին եւ հաւատքին: Բայց նաեւ քաջ գիտենք, որ այդ գաղութը նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ էր 2011-ի պատերազմէն առաջ, նախ թիւի նուազումով, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններով, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք,  հալէպահայութիւնը հզօր համայնք էր եւ հարուստ էր իր թիւով ու կառոյցներով: Եթէ իրապաշտ ձեւով մօտենանք հարցին, գաղութի յետպատերազմեան վիճակը նոյնը չէ եւ իրենք կը գիտակցին այդ մէկը եւ կը գործեն իրենց ներկայ պայմաններուն մէջ:

Այստեղ նաեւ դեր կը խաղայ Հայաստանի իրավիճակը: Լիբանանի պատերազմի ընթացքին Հայաստանը անկախացած չէր եւ ուրեմն լիբանանահայութեան միակ գաղթի ուղղութիւնը Արեւմուտքն էր, դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւայլն, բայց մենք այսօր նոր իրավիճակ մը ունինք, երբ սուրիահայը նաեւ գաղթեց հայրենիք եւ այս մէկը շատ դրական երեւոյթ է: Այս առումով Հայաստանի հզօրացումը եւ կեանքի պայմաններու բարելաւումը պիտի քաջալերէ այն սուրիահայերը, որոնք տակաւին Հալէպի մէջ են եւ կրնայ ըլլալ ազգականներ ալ ունին Հայաստանի մէջ, հետեւաբար աւելի դիւրաւ քաջալերուին   եւ Հայաստան ներգաղթեն։

Ասի մարտահրաւէր մըն էր հալէպահայ գաղութին, որ նախապէս գոյութիւն չունէր պատերազմէն առաջ. կրնամ ըսել  հազուագիւտ էին այն անձերը, որոնք հայրենիք տեղափոխուած էին խաղաղ պայմաններու մէջ:

 

-Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք վերջին խօսակցութիւնները Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու վերաբերեալ: Ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:


Ես կը կարծեմ, որ այս հարցը գալիք շաբաթներուն աւելի կը յստականայ, թէ ինչ բնոյթ պիտի առնէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ եւ որ կառոյցներու մէջ ատիկա պիտի տնօրինուի, բայց այդ մէկը ես չեմ համարեր, որ Սփիւռքի հանդէպ քաղաքականութեան նոր հանգրուան կը սկսի:

Եւ եթէ խօսքը սփիւռքի որոշ գաղութներու մէջ ապագային հնարաւոր պատերազմական վիճակներու տագնապի լուծման մասին է, ես կը կարծեմ, որ այս պարագային հարցը անմիջապէս կապուած կ'ըլլայ կառավարութեան օրակարգին հետ եւ ոչ թէ սոսկ  մէկ նախարարութեան հետ։

Յստակեցնելու համար ըսեմ,  որ Սուրիոյ պատերազմի շրջանին Հայաստանէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան կողքին, տարբեր նախարարութիւններ ինչպէս պաշտպանութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ նախարարութիւններ բոլորը սուրիահայութեան գաղթականութեան հարցերով կը զբաղէին եւ ես կը կարծեմ, որ նոյնը կ'ըլլայ, եթէ, Աստուած չընէ, ուրիշ գաղութի մը մէջ ալ այդպիսի բան մը պատահի: