image

Սուրիոյ բանակը պատասխան հարուած կը հասցընէ Դամասկոսը հրթիռակոծող ահաբեկիչներուն

Սուրիոյ բանակը պատասխան հարուած կը հասցընէ Դամասկոսը հրթիռակոծող  ահաբեկիչներուն

Սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ երէկ, 23 փետրուարին զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Արեւելեան Ղութայէն դէպի Դամասկոսի տարբեր թաղամասեր արձակուած հրթիռները մէկ անձի մահուան ու 15 անձի վիրաւորման պատճառ դարձած են:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ի պատասխան ահաբեկիչներու գործողութիւններուն, Սուրիոյ բանակը թիրախաւորած է հրթիռներու արձակման կէտերը, մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառելով զինեալ ահաբեկիչներուն:

Աղբիւրին փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ահաբեկիչները հրթիռակոծման ենթարկած են նաեւ Տարաայի բնակելի թաղամասերը, որուն հետեւանքով նոյնպէս մէկ կին զոհուած ու 13 քաղաքացի վիրաւորուած է: